2016-11-19 11:04:00

Հայր Ներսէս Զապարեանի` թագադիր ծայրագոյն վարդապետի տուչութեան արարողութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 17 նոյեմբերին, Պաղտատի հայ կաթողիկէ եկեղեցին  ունեցաւ իր Պատրիարքական փոխանորդը ։

Թագադիր ծայրագոյն վարդապետի տիտղոսի տուչութիւնն կատարուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ Պատարագի արարողութեամբ, զոր նախագահեց Պէյրութի Պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս` արհիապատիւ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան, առընթերակայաութեամբ, Պաղտատի թեմի կաթողիկէ հայոց երբեմնի առաջնորդ` արհիապատիւ Մանուէլ Եպիսկոպոս Տապպաղեանի, եւ Զմմառու Պատրիարքական միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր՝ թագադիր ծայրագոյն վարդապետ Հայր Գաբրիէլ Մուրատեանին։

Հաւատացեալներուն յոյժ բազմութեամբ  ու այլ քոյր եկեղեցինրեու ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ տեղի ունցեող Սուրբ Պատարագի ընթացքին Զմմառու վանքի մեծաւոր հայրը ընթերցեց Տանն Կիլիկոոյ Կաթողիկէ հայոց`  Գրիգոր – Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքին, Հայր Ներսէս վարդապետին թագադիր ծայրագոյն վարդապետի տուչութեան եւ Պաղտատի թեմի  Պատրիարքական փոխանորդի  նշանակման կոնդակը։ Ապա տեղի ունեցաւ լանջախաչի եւ մատանիի տուչութիւնը` ձեռամբ գերապայծառ Ասատուրեանի։

Սուրբ զոհի ընթացքին  արտասանած քարոզին մէջ  Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան նախ շնորհակալութիւն յայտնելով Պաղտատի կաթողիկէ հայոց երբեմնի առաջնորդին ՝ գերապայծառ Տապպաղեանի երկար տարիներու մատուցած ծառայութեան համար՝ ի սպաս եկեղեցւոյ  եւ հայ ժողովուրդին,  ըսաւ.

«Սիրել Աստուած՝ կը նշանակէ անոր տալ ամէն բան, իրապէ՛ս ամէն բան, ներառեալ սեփական կեանքը» կ’ըսէր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իտալացի եպիսկոպոսներուն շնորհած ունկնդրութեան մը ընթացքին։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Այս պահուս մտածումս կ’երթայ առաջին հերթին այս աշխարհի զոհերուն, անո՛նց որոնք կը տառապին պատերազմէն եւ անարդարութենէ, մասնաւորաբար Իրաքի, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ։ Մտածումս կ’երթայ նաեւ բոլոր անո՛նց՝ որոնք բազմատեսակ զրկանքներու ենթարկուած ըլլալով՝ կը տառապին իրենց մարմնով եւ հոգիով, եւ ծարաւն ունին հոգատար ուշադրութեան,  խնամքի, սփոփանքի եւ մօտիկութեան։

Սիրելիներ,

Եկած ենք Պէյրութէն մեր սիրելի Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդին հետ նախ ձեզի փոխանցելու մեր Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տիրոջ ողջոյնները եւ շնորհակալութիւն յայտնելու ձեր քաջ  վկայութեան համար Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ, վստահեցնելով ձեզի մեր սէրն ու աղօթքները։

Սիրելի Հայր Ներսէս,

Այսօր մինչ կը ստանձնես քու նոր պաշտօնդ որպէս Առաջնորդ Իրաքի Հայ կաթողիկէ համայնքին, կ’աղօթենք որպէսզի  միշտ քաջ մնաս քու նոր եւ խիստ պատասխանատու առաքելութեանդ մէջ, միշտ եղբայր եւ հայր ըլլաս քու հովուութեանդ յանձնուած հաւատացեալներուն, որովհետեւ բոլորդ զօրացած Աստուծոյ սիրով՝  կը գործէք ի խնդիր այս Եկեղեցւոյ բարիքին ու պայծառութեան։

Այսօր միասին կը ներկայացնենք Աստուծոյ կենդանի Եկեղեցին, որ ներկայ է այստեղ։ Եկեղեցին՝ իր միութեամբ, կաթողիկէութեամբ եւ փառաւորեալ իր Տիրոջ ցնծութեամբ։

Սրտանց կը յորդորեմ ձեզի հաւատարիմ մնալ ձեր  յանձնառութեան  եւ այս Եկեղեցւոյ փառաւորումին որպէսզի Ան անընդմէջ եւ յաչս աշխարհին ցոլացնէ Իր Տիրոջ պատկերը Բարի Սամարացիի առակին համաձայն։

Մեր թեմի ապագան կը գտնուի Սուրբ Հոգիի ձեռքերուն մէջ։ Ան զայն կը վստահի մեզի որպէսզի յարուցանենք քահանայական ու կրօնաւորական նոր կոչումներ, ինչպէս նաեւ Իր Թագաւորութեան գալուստին համար գործող այր եւ կին նուիրեալներ։

Անձնապէս, վստահ եմ նաեւ դուք, քաջ կը գիտակցինք Տիրոջ կողմէ մեզի վստահուած առաքելութեան մեծութեան ու պատիւին, միաժամանակ անոր ծանրութեան ու պատասխանատուութեան։ Հետեւելու ենք Ազգերու Առաքեալի յորդորին որ կ’ըսէ.-  «Ուրեմն թող մեզ նկատեն որպէս Քրիստոսի ծառաներ եւ Աստուծոյ խորհուրդներուն տեսուչներ։ Արդ, վերջին հաշուով տեսուչներէն ուզուածը հաւատարմութիւն ցուցաբերել է» (1 Կոր 4, 1-2)։ Ասիկա կը հանդիսանայ ճշմարիտ կոչ մը որ կը մղէ մեզ ցոյց տալու մեր յանձնառութիւնը ի սպաս Քրիստոսի եւ «տնտեսումին Աստուծոյ խորհուրդներուն», որոնց շնորհիւ «Քրիստոսի Մարմինը, որ Եկեղեցին է, կը սնանի ու կ’աճի»։








All the contents on this site are copyrighted ©.